2015-06-10 09:31:00

Օպամա քննադատած Է Թուրքիան` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն Սուրիա մուտքը չկանխարգիլելուն համար


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եօթներու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին քննադատած է Թուրքիան` յայտարարելով, որ Թուրքիայէն հազարաւոր զինեալներ կ՛անցնին Սուրիա եւ կը միանան ՏԱՀԵՇ-ին:

Թուրքիոյ մէջ նախընտրական արշաւի ամբողջ ընթացքին այդ երկրին մասին որեւէ յայտարարութիւն չկատարած Օպաման այս քննադատութիւնը հնչեցուցած է կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:

Սուրիա եւ Իրաք օտարազգի կռուողներու մուտքը արգիլելու հարցին մէջ յառաջընթացի մասին խօսող Օպամա նշած է, որ տակաւին հազարաւոր կռուողներ կը մտնեն Սուրիա եւ ետքը կ՛անցնին Իրաք:

«Զանոնք բոլորը կանխարգիլել կարելի չէ, սակայն անոնցմէ շատերը աւելի լաւ համագործակցութեան, համակարգման եւ տեղեկատուութեան փոխանակման, թուրք-սուրիական սահմանը լաւ հսկելու միջոցով կարելի պիտի ըլլայ կանխարգիլել: Թրքական մարմինները այդ խնդիրը գիտեն, սակայն այդ հարցին շուրջ անհրաժեշտ միջոցառումները բաւարար չափով չեն գործադրուիր: Եթէ օտար կռուողներուն մուտքը նուազեցնենք, ետքը շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ը մեկուսացնել ու թուլացնել պիտի կարենանք», ըսած է ան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.